2015-03-24 11:40:00

Խորհրդաժողով` ’’Կաթողիկէներն ու Շիիթները երկխօսութեան մէջ’’


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմի Sant’Egidio հասարակութեան կեդրոնին մէջ, երեքշաբթի, 24 Մարտ 2015-ին, տեղի կ՛ունենայ խորհրդաժողով մը` ''կաթողիկէներն ու Շիիթները երկխօսութեան մէջ'' նիւթին մասին, մասնակցութեամբ կաթողիկէ եւ Շիիթ բարձրաստիճան հոգեւորականներու։

Կլոր սեղանին կը շօշափուի ‘’հաւատացեալներու պատասխանատուութիւնը համաշխարհայնացած  ու բազմամշակութային երկրագունդի մը մէջ'' նիւթը ու երկխօսութիւնը` ի սպաս խաղաղութեան կերտումին, պատմական ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր միջազգային գետնի վրայ բազմաթիւ են տագնապներն ու զինեալ  ընդհարումները։

Խորհրդաժողովը կազմակերպուած է նախաձեռնութեամբ Sant’Egidio հասարակութեան ու շիիթ իմամ  Khoei հիմնարկութեան (միջազգային հիմնարկութիւն մը առընչուած Իրաքի իսլամ շիիթներու բարձրագոյն իշխանութեան)։ Կլոր սեղանին կը մասնակցին կարդինալ Մարքս` նախագահը Եւրոմիութեան եպիսկոպոսական յանձնախումբին, կարդինալ Թոռան` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին եւ Գերապայծառ Փալիա` նախագահը ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին։    








All the contents on this site are copyrighted ©.